2014-02-25 12:12:52

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նամակը ուղղուած` Ընտանինքերուն


Երեքշաբթի, 25 փետրուարին, հրատարակուեցաւ ընտանինքներուն ուղղուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, 2 փետրուար թուակիր մէկ նամակը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ`

Սիրելի ընտանիքներ,
ձեր տան սեմին կը ներկայանամ, ձեզի խօսելու կարեւոր մէկ ձեռնարկի մասին որ, ինչպէս գիտէք, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Վատիկանի մէջ։
Ձեռնարկը կը հայի Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի արտակարգ ընդհանուր ժողովին, որ գումարուած է քննարկելու համար ''նոր աւետարանութեան ծիրէն ներս, ընտանիքի հովուական մարտահարաւէրներ'' նիւթը։
Այսօր` արդարեւ, Եկեղեցին կանչուած է հռչակելու Աւետարանը, դիմագրաւելով ընտանիքի հայող հրատապ հովուական նոր հարցերը։ Այս կարեւոր իրադարձութիւնը Աստուծոյ համայն ժողովուրդը կը ներգրաւէ` Եպիսկոպոսներ, քահանաներ, նուիրեալ անձինք եւ համայն աշխարհի յատուկ եկեղեցիներուն աշխարհական հաւատացեալները որ տքնաջանօրէն կը մասնակցին նախապատրաստական աշխատանքներուն իրենց իրապաշտ առաջարկներով եւ աղօթքի պարտադիր նրերդրումով։
''Աղօթքին` ձեր աջակցութիւնը անհրաժեշտ է, սիրելի ընտանիքներ'' կը գրէ Քահանայապետը իր նամակին մէջ, ակնարկելով թէ Սիւնհոդոսական հաւաքը նուիրուած է յատկապէս իրենց, իրենց կոչումին եւ Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ ունեցած իրենց առաքելութեան, ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի հարցերուն, զաւակներու դաստիարակութեան եւ ընտանիքներու դերին Եկեղեցւոյ առաքելութեան ներքոյ։
''Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ տենչագին դիմէք Սուրբ Հոգիին, որպէսզի լուսաւորէ Սիւնհոդոսական Հայրերը ու զանոնք առաջնորդէ իրենց յանձնառու այս պարտականութեան մէջ։ Ինչպէս տեղեակ էք Սիւնհոդոսական արտակարգ այս հաւաքէն ետք նախատեսուած է այլ հաւաք մը որ յառաջ պիտի տանի ''Ընտանիքի'' հայող նիւթը։ Այս առընչութեամբ ապա 2015-ի սեպտեմբերին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքը։ Աղօթենք ուրեմն, միասնաբար, որպէսզի այս միջոցառումներու ընդմէջէն, Եկեղեցին կշռադատումի իսկական քայլ մը կատարէ եւ հովուական նպաստաւոր միջոցներ որդեգրէ, օգնելու համար ընտանիքները եւ դիմագրաւելու այժմէական մարտահաւէրները Աւետարանէն ծագած ուժով եւ լոյսով։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ապա կը յայնտէ թէ նամակը շարադրած է Յիսուսի Տաճար ընծայման տօնին օրը, ուր երկու ծերունիներ եւ երկու երիտասարդ ծնողներ իրարու կը հանդիպին։ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ ''Յիսուս սերունդները իրար կը միացնէ որովհետեւ Ան սիրոյ անսպառ աղբիւրն է, որ կը յաղթէ որեւէ արգելք, որեւէ առաձնութիւն, որեւէ տխրութիւն։
Ձեր ընտանեկան կեանքին մէջ դուք կը կիսէք կեանքի շատ գեղեցիկ պահեր...այսուհանդերձ եթէ սէրը պակսի կը պասկի նաեւ ուրախութիւնը, եւ իսկական սէրը մեզի տրուած է Յիսուսէն, որ մեզի կը նուիրէ իր Խօսքը, կը լուսաւորէ մեր ճանապարհը, մեզի կու տայ կեանքի հացը եւ կ՛աջակցի մեր ամենօրեայ դժուար ուղեւորութեան ։
Սիրելի ընտանինքեր` կը գրէ հուսկ Քահանայապետը իր նամակի աւարտին, ձեր աղօթքը Եպսիկոպոսական սիւնհոդոսին ի նպաստ, Եկեղեցին հարստացնող թանկարժէք գանձ մը պիտի հանդիսանայ։ Շնորհակալ եմ ձեզի ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք նաեւ ինծի համար, որպէսզի կարենամ Աստուծոյ ժոովուրդին ծառայել` սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։
Սուրբ Կոյս Աստուածամօր եւ Սուրբ Յովսէփի հովանին ձեզի աջակցի եւ ձեզ օգնէ քալելու միացած սիրոյ մէջ եւ փոխադարձ ծառայութեան մէջ։
Ամէն մէկ ընտանիքի վրայ սրտագին կը հայցեմ Տիրոջ Օրհնութիւնները։
Տուաել Վատիկան` 2 փետրուար 2014։
Տօն` Տեառնընդառաջի։







All the contents on this site are copyrighted ©.